ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը , ուրբաթ ,13 Փետրուար 2015-ին , առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Սողոմոն Թէհլիրեան » ակումբին մէջ , «Ամանոս» կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Սիրուն Վարդապետեանին, Կոմիտէի ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն եւ շրջանի ընկերուհիներուն. Ան գնահատեց անոնց ներկայութիւնը հակառակ կլիմայի անբարենպաստ պայմաններուն:
Ձեռնարկի դասախօսական բաժինը ներկայացուց տիկ. Անի Տէկիրմէնճեան-Ճրդիտեան, խօսելով առողջ կենցաղ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին:
Հրամցուած ճաշերը պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան » խոհանոցին կողմէ, որ գնահատանքի արժանացաւ :
Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:
Ներկաները ուրախ բաժնուեցան ......դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ:











