ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը կը միտէր մտերմիկ օր մը անցնել «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս:
Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ.- «Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղի ընտանիքի անդամները միշտ քաջալերող եղած են մեր բոլոր ձեռնարկները, մեր իրագործումներուն յաջողութիւնը մեր միասնական աշխատանքին մէջն է»: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին՝ ընկհ. Յասմիկ Գէորգեանը իր խօսքը փոխանցելու թարգմանչաց տօնին առիթով, որ կը զուգադիպէր այդ օրերուն:
Ընկհ. Յասմիկ ըսաւ.- «Երկու տիտանները՝ Սահակ Պարթեւ Կաթողիոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց, ձեռք ձեռքի տուած, իրենց կատարած հրաշագործութեամբ մեծ կորուստէ փրկեցին հայ ազգը... Հայը քրիստոնէութեան առաջին օրէն պահանջքը զգաց հայերէնով աղօթելու, ուստի ե. դարուն սկիզբէն կարիքը կար սեփական գիրեր ունենալու, որմէ ետք բացուեցան դպրոցներ եւ սկսան թարգմանութիւններու: Մեր ոսկեղնիկ լեզուն եղաւ ինքնապահպանման նպաստող կարեւորագոյն ազդակը: Թոյլ տուէք ձեր երեխաներուն ծնած վայրկեանէն լսեն հայերէն օրօրներ, լսեն հայերէնով պատմութիւն, թող թոթովեն մեր սրբազան հայկական լեզուն»:
Հայկական երգերու ունկնդրութեամբ ընկերային մթնոլորտէն քաջալեր, ընկերուհիները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատութիւններ եւ խոստացան նորէն հանդիպիլ ԼՕԽ-ի յարկին տակ...:






