Ձեռնարկ՝ Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնին Առիթով

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նորաշէնի «Ռուբէն» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուհի Գաթարճեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Մաշտոց Աւագ քահանայ Արապաթլեանը փոխանցելու օրուան խորհուրդը:

Ձեռնարկը ընթացաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն: