Ձեռնարկ՝ Բարեկենդանի Առիթով

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը Բարեկենդանի առիթով կազմակերպած էր  հաւաքոյթ մը, որ  տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին,  «Միսաք Ազիրեան» ակումբի  «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթաեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին քաջալերանքին համար:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն՝ Հայր Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը հրաւիրուած էր փոխանցելու օրուան խորհուրդը: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Բարեկենդանի եւ Մեծ Պահոց շրջանի  իմաստին եւ սովորութիւններուն: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցան:

 Տեղի ունեցաւ  վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: