Ձեռնարկ՝ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

This page is not yet available in this language.

Ուսուցչաց տօնին  առիթով,  Լ.Օ.Խ.-ի «Արագած» մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2017-ին «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ՇրջանայինՎարչութենէն ներկայացուցիչ` ընկհ. Նազելի Աւագեանի, ընկերուհիներ Սեդա Մածունեանի, Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ` ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, քոյր մասնաճիւղերու թէ միութիւններու ընկերուհիներու եւ այլ հրաւիրեալներու։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի`ընկհ. Սիլվա Շիրինեան, որ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին. Դրուատեց ուսուցիչին աշխատանքը ի նպաստ մեր ընկերութեան եւ ի մասնաւորի հայ ուսուցիչին, որ մեծ դեր ունի հայապահպանման մէջ։

Ապա մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ ընկերուհին խօսք առնելով ըսաւ. մասնաճիւղերը Լ.Օ.Խ.-ի սիւներն են. Առանց անոնց կարելի չէ յառաջ տանիլ Շրջանային Վարչութեան աշխատանքները։ Աւելցնելով ըսաւ, որ օրուան ձեռնարկը իւրայատուկ է իր բնոյթով. Մասնաճիւղի վարչութիւնը նմանօրինակ ձեռնարկներ յաճախ կը կազմակերպէ։ Շրջանային Վարչութիւնը զօրավիգ է եւ յաջողութիւն կը մաղթէ բոլոր մասնաճիւղերու գործունէութեանց։

Հայկական երգերով ու պարեղանակներով մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Արարատ Ահարոնեան։

Ձեռնարկին հրաւիրուած էին ուսուցչուհիներ, որոնց համար վարչութիւնը պատրաստած էր ձեռագործ ձեռայիններ։

Ձեռնարկի աւարտին ներկայ ուսուցչուհիները մեծարուեցան եւ միասնաբար հատեցին կարկանդակը։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան համարեա բոլոր ներկաները։