Ձեռնարկ՝ Ի Նպաստ Կազդուրման Կայանի Փոքրիկներուն

This page is not yet available in this language.

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին, կէսօրին The Bridge-ի كان يا مكان ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման Կայանի փոքրիկներուն ի նպաստ ձեռնարկ, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Հուրի Պապիկեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 100 հոգի։

Ընկերային յանձնախումբը երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Կազդուրման Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Մարօ Սալխանեան։ Ան իր խօսքին մէջ խիստ անհրաժեշտ նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կայացումը, որ կը նպաստէ գաղութիս համեստ դասակարգի փոքրիկներու առողջ միջավայրի ստեղծումը։

Ապա, իր սրտին խօսքը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Մխճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն սոյն ձեռնարկին քաջալեր հանդիսանալու համար, որ իրենց ներդրումով օգտակար կը հանդիսանան կարիքաւոր փոքրիկներուն։ Ան մաղթեց, որ տարիներու վրայ կարիքաւորներու թիւը նուազի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերային յանձնախումբին, որ երկու տարիներէ ի վեր այս գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է։

Ապա օրուան նախագահ տիկին Հուրի Պապիկեան շատ տպաւորիչ ձեւով արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ ըսաւ, թէ Կազդուրման Կայանը հինուց ի վեր սրտին շատ մօտիկ եղած է եւ ինքը ուրախ է, որ ստանձնած է օրուան նախագահութիւնը։

Նուագով հանդէս եկաւ Սիմոն Կոստանդինեան, որ խանդավառեց մթնոլորտը եւ Նաթալի Տէիրմենճեան «Մայրերու Օր»ուան յատուկ երգերով հմայեց բոլոր ներկաները։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ ներկաները ըրին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները փափաքելով, որ ամէն տարի կրկնուին այսպիսի ձեռնարկներ։