Դաշտագնացութիւն Լիբանանի տարբեր գիւղեր (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2015-ին կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Ձեռնարկին նպատակն էր համախմբել շրջանի ընկերուհիները, համակիրները եւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացողները, միասնաբար անցնելու հաճելի օր մը բնութեան գիրկը, միաժամանակ կոկիկ գումար մը ապահովելով օգտակար դառնալու կարիքաւորին, հիւանդին ու աշակերտին:

Աւելի քան հարիւր յիսուն մասնակիցներ, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մօտէն, վեց փոխադրակառքերով ուղղուեցան Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյնի»-ի նորակառոյց թանգարանը, ուր վերանորոգեցին իրենց ուխտը, վերահաստատելով պահանջատիրութիւնը թուրք թշնամիէն: Յուզմունքով դիտեցին հոն տեղադրուած եւ ցուցադրուած, ցեղասպանութեան հետեւանքով զոհուած, հայ որբ փոքրիկներու արձաններն ու լուսանկարները, կարդացին անոնց անուանացանկը   եւ իւարաքնչիւրին կենսագրութիւնը: Ապա խումբը այցելեց Պաթրունի «Ս. Ստեֆան» եկեղեցին, «Սաետդ Ալպահր» եկեղեցին, Պճրդֆլ գիւղի «Մար Պնտի Լէեմուն» սրբատեղին, ուր իւրաքանչիւր եկեղեցիի մէջ խմբային աղօթելով Տէր Ողորմեայ երգեցին.... ինչպէս նաեւ այցելեցին Պաթրուն շրջանի հին շուկան ուր գնումներ կատարելով շարունակեցին պտոյտը դէպի Քֆր ԸլՀաե գիւղի «Մար Եուհաննա Մարուն» եկեղեցին, հոն առաջնորդուեցան դիտելու թանգարանը, ուր ցուցադրուած իւրաքանչիւր առարկայ տարիներու պատմութիւն ունէր:

Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ Քֆր Հալտա գիւղի «Ժամալ Լուպնան» ճաշարանը: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շուշիկ Ադամեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանին, քոյր Մասնաճիւղերու եւ շրջանի եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն , բոլոր ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին վարչութեան սոյն ձեռնարկը:

Տեղի ունեցաւ խաղերու բաժին մը , մասնակիցները ստացան նուէրներ , կատարուեցան նաեւ վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

Ուրախ, հաճելի եւ յիշատակելի դաշտագնացութիւն մը, որ միշտ պիտի յիշուի մասնակիցներուն կողմէ, որոնք հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստացած էին, որովհետեւ իրենց մասնակցութեամբ ներդրում ունեցած եղան ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ բարեսիրական գործունէութեան :