Դաշտագնացութիւն

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Մայիս 2016-ին:

 Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ռաուտայի կեդրոնէն փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պեքաա, այցելեցին Զահլէի Մարոնիթ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ յատուկ աղօթք մը, Արցախի մէջ, հին ու նոր զոհուած մեր հերոս մարտիկներու յիշատակին: Շարունակելով, խումբը հասաւ Քսարա գինիի գործարանը, ուր տեսերիզով մը բացատրութիւն տրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ եւ ի՞նչ հանգրուաններէ անցնելով գործարանը հասաւ իր ներկայ վիճակին:  

Կէսօրին, խումբը հասաւ Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանը, ուր գտաւ ջերմ ընդունելութիւն:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Թաշճեան, իր բացման խօսքով, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բոլորին , որոնք սատար հանդիսացան ձեռնարկի յաջողութեան, ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու  Արցախի մէջ ինկած մեր քաջարի հերոսներուն յիշատակը:

Ճոխ եւ համադամ ճաշերով լի սեղաններով, երգերով, նուագով, ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն պարերով , ստեղծուեցաւ ուրախ, ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառք եւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուած, նուէրներով ծանրաբեռնուած եւ ուրախ ժպիտներով, մասնակիցները  վերադարձան իրենց բնակարանները, յաջորդ պտոյտին մասնակցելու  փափաքով: