ԼՕԽ-ի բոլոր ձեռնարկներն ու պտոյտները կը կայանան օգտակարն ու հաճելին միաձուլելով ուրախ օր մը անցնելու ակնկալութեամբ:
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի տարեկան պտոյտը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոս 2015-ին: Մասնակիցները «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն, երեք փոխադրակառքերով ճամբայ ելան դէպի Kfardebian-ի ճաշարանը ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը այցելեց շրջանի բերդը, որ կառուցուած էր Քրիստոսէ առաջ, ուր կար մնացորդացը Յունական քաղաքակրթութեան: Որմէ ետք ընկերուհիները ուղղուեցան դեպի Qlaiaat-ի ճաշարանը:
«Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Հայկական երգերով եւ պարերով խանդավառուած ուրախ մթնոլորտին մեջ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւն:
Պտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը: Դպրեվանքի միաբաններէն՝ հայր Նշան Լախոյեան սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ պայծառակերտուած եւ վերանորոգուած վանքին մասին, սկսելով նահատակաց յուշարձանի կառուցումէն (1965-1969), որուն շուրջ քանդակուած են Արարատ Լեռը, Խոր Վիրապը, Ախուրեան գետը խորհրդանշող ջրանցք մը, Ցեղասպանութեան քարտէսը, թալիաթ փաշայի հրամանագիրը ուղղուած Սուրիոյ կուսակալին, ինչպէս նաեւ Հայրենիքը, Արցախն ու Սփիւռքը պատկերացնող քանդակներ: Հոն կառուցուած է նաեւ Սարդարապատի յուշակոթողն ու Զուարթնոց եկեղեցւոյ երկու կամարները, որոնց կողքին տեղ գտած է բացօդեայ խորանը, երկու կողմերը ունենալով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանները:
Հայր սուրբին օգտակար եւ շինիչ բացատրութիւններէն ետք ընկերուհիները սուրբ Աստուածածնայ մատրան մէջ աղօթելէ ետք, նոր գիտելիքներով հարստացած, վերադարձան իրենց տուները:









