Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, Ֆանարի, ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015-ին:
Սոյն դաշտագնացութեան ներկայ էին վաթսուներկու մասնակցողներ, որոնք առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ֆանարի ակումբէն մեկնեցան դէպի Շթորայի Գարեջուրի գործարանը, ապա շարունակեցին դէպի Զահլէի Ս. Աստուածամօր Եկեղեցին: Կէսօրին Ճաշեցին Այնճարի Այն Այնճար ճաշարանին մէջ, ուր Հայկական երգերով ճոխ մթնոլորտի մէջ ուրախ ժամանակ անցուցին: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
Խաղաղ պտոյտէ մը ետք, ներկաները գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:








