Այնճարի Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը ունեցաւ իր երկրորդ դասախօսութիւնը, Ուրբաթ, 10 Մարտ 2017-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ.ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս:
Բացման խօսքով՝ ընկհ. Կարինէ Թէրզեան, ներկայացուց դասախօսուհին, Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքի երիցուհի՝ Նանոր Գլնճեան Ագպաշարեանը, ապա հրաւիրեց զայն ներկայացնելու «Միզային Համակարգի Հիւանդութիններ» նիւթով դասախօսութիւնը: Հիւանդապահուհին մանրամասնօրէն բացատրեց այս նիւթի առընչութեամբ պատահելիք անհանգստութիւնները, ինչպէս նաեւ «power point»-ով ցոյց տուաւ կարգ մը կարեւոր նկարներ, իրենց մանրամասն բացատրութեամբ: Դասախօսութեան աւարտին , ան սիրայօժար պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Ներկաները օգտուելով այս դասախօսութենէն մեկնեցան սրահէն:






