ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, գործակցաբար ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, կազմակերպեց «Ճնշուածութիւն» նիւթով դասախօսութիւն մը, եւ որպէս դասախօս հրաւիրեց յանձնախումբի անդամներէն՝ դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան Քուիքին, LAU համալսարանի հիւանդապահութեան բաժնի տնօրէն:
Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, մասնաճիւղիս «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու և Այնճարի վարժարաններու ծնողաց յանձնախումբերուն, դոկտ. Անահիտ բացատրեց, թէ ի՞նչ է ճնշուածութիւնը, որ կրնայ պատահիլ բոլոր տարիքի անձերու: Ան թուեց ախտանշանները եւ բուժումի ձեւերն ու կարելիութիւնները, շեշտը դրաւ իրարօգնութեան վրայ, թելադրեց լսել մէկուսացած և ճնշուածութիւն ապրող անձը, գէթ քիչ մը թեթեւցնելու անոր ընկճուածութիւնը: Աւարտին, խօսեցաւ ծանր պարագաներու մասին, յանձնարարեց, որ անոնք առանց վարանելու դիմեն բժիշկի:
Ապա, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:




