Դասախօսութիւն «Առողջ Երկարակեցութիւն» նիւթով

This page is not yet available in this language.

 

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան ,30 Ապրիլ 2015 ին , Այնճարի “ Ս . Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը “Առողջ երկարակեցութիւն ” նիւթով ,զորս ներկայացուց առողջապահական յանձնախումբի անդամ ընկհ .Շաքէ Բարմաքսզեան :

Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Ցողիկ Հաւաթեան , բարի գալուստ մաղթելէ ետք,շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահական յանձնախումբին որ ընդառաջելով վարչութեան առաջարկին Այնճարի մէջ կազմակերպած են դասախօսական շարք մը որուն առաջինը տեղի կ’ունենայ այսօր ըսաւ ան:
Ընկ. Շ. Բարմաքսզեան իր պատրաստած նիւթը բաժնած էր 3 մասի , առաջին բաժինով ան ներածական մը տուաւ եւ բացատրեց երկարակեցութիւն բառը որ կարողականութիւն կը նշանակէ, ողջ անհատի մը ամբողջ կեանքին ընթացքին ,ծննդեան թուականէն սկսեալ ապրելու առաւելագոյն տարիքի հասնելու . ան խօսեցաւ նաեւ երկարակեցութեան չափանիշներուն եւ մրցանիշերուն մասին , նաեւ այն երկիրներուն մասին , ուր մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կ’ ապրին , նկատի ունենալով կլիմայական եւ առողջ սննդականոնի պայմանները :

Երկրորդ բաժինով , դասախօսը նշեց տարբեր պատճառներ , ազդակներ որոնք կը նպաստեն ներկայ ժամանակաշրջանին առողջ երկարակեցութեան :

Վերջին եւ երրորդ բաժինով , դասախօսը ներկայացուց ներկայ օրերուն , գիտնականներու հետազօտութիւնները’ առողջ երկարակեցութեան մարզին մէջ:

Աւարտին , Շաքէ Բարմաքսզեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն :