Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու , անդամուհիներու եւ հիւրերու:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատեմապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց զանոնք մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը հանգուցեալ անդամուհի՝ ընկհ. Մարիամ Ասատուրեանի:
Ապա վարչութենէն ընկհ. Աստղիկ Կէտիկեան խօսք առնելով փոխանցեց , թէ ամէն տարի մասնաճիւղը այս ձեռնարկը կը կազմակերպէ ի յիշատակ սրահի բարերար Սարգիս Ներսէսեանին:
Սրահի մուտքին ներկաները ստացան վարչութեան կողմէ պատրաստուած ձեռագործ խաչ մը:
Հիւր երգչուհի՝ տիկին Կարինէ Անդրանիկեան, իր երգերով ստեղծեց ուրախ մթնոլորտ մը: Ներկաները գոհունակ բաժնուեցան սրահէն:










