«Սուրբ Սարգիս» զօրավարի  անուանակոչութեան տօն

This page is not yet available in this language.

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը , ուրբաթ, 22 Յունուար 2016–ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով , միասնաբար նշելու «Սուրբ Սարգիս» զօրավարի  անուանակոչութեան տօնը:

Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Անի Տիւքէնճեան, իր բարի գալուստի խօսքով նախ անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն կարեւորութեան, շեշտը դնելով, օրուայ առիթին «Ս. Սարգիս» տօնին հետ առնչուած ժողովրդական աւանդութիւններուն թուելով զանոնք , բացատրեց անոնց կատարումը :

Ապա հրաւիրեց օրուայ դասախօս՝ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեանը:

Տէր Հայրը նախ կատարեց Ս. Ծննդեան օրհնէքը կեդրոնին, ներկաներուն մասնակցութեամբ, որ միասնաբար երգեցին Ս. Ծննդեան աւետիսի շարականը , որմէ ետք Տէր Միւռոն ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարին կենսագրականը անոր կեանքն ու զոհաբերութիւնը, զայն դասելով Քրիստոնեայ բարեխօս սուրբերու շարքին. ապա փոխանցեց կարգ մը աւանդութիւններ, առասպելներ եւ  դիւցազներգութիւններ, սուրբին հետ կապուած:

Աւարտին եղան լուսաբանական հարցումներ:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ,աղի բլիդ եւ Ս. Սարգիսի հելվա պատրաստուած դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ: