«ՍՕՍԷ» մասնաճիւղի ամառնային պտոյտը (2015)

This page is not yet available in this language.

Ժպէյլ շրջանի ԼՕԽ-ի ‹‹ՍՕՍԷ›› Մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան տարեկան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը դէպի Այնճար:

Չորեքշբթի, 30 Յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին , Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն» ժամանած էին ընկերուհիներ, հիւրեր եւ շրջանի օտար բնակիչներ մասնակցելու ԼՕԽ-ի պտոյտին:

Փոխադրակառքերը, նախ ըստ ծրագրուած յայտագրին, ուղղուեցան դէպի Այնճար :Նախաճաշելէ ետք խումբը այցելեց Այնճարի բերդը, ապա ուղղուեցաւ դէպի «Ռազմիկ» ճաշարանը, ուր վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Լուսին Պէզճեան հայերէնով բարի գալուստ եւ ուրախ ժամանց մաղթեց ներկաներուն, իսկ ընկհ.Սիլվա Համբարձումեան արաբերէնով ողջունեց ներկաները:

Անոնք ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ճաշակեցին իրենց հրամցուած ճաշը եւ քաջալերեցին վարչութեան պատրաստած վիճակահանութեան տոմսերը:

Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ երբ անոնք այցելեցին «Քսարա» գինիի գործարանը :

           Պտոյտի վիրջին հանգրուանը եղաւ Զահլէի «Սաետէդ Էլ Թէլ» եկեղեցին ուր մասնակիցները աղօթեցին եւ մոմեր վառեցին ու մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները: