ԼՕԽի Շուշի մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ 26 նոյեմբերի հերթական Ա. ժողովը վերածելու ուրախ առիթի մը, ուր երկար ժամանակէ ի վեր զիրար չտեսած ԼՕԽականներ վայելեցին հանդիպման պահը։ Այս համախմբումին առիթը ԼՕԽի 80-ամեակն ու Շուշի մասնաճիւղի 70-ամեակն էր. կամաւորներու օրուան նախօրեակին վարչականները յարմար տեսած էին պատուել աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր ԼՕԽի ընտանիքին ծառայած ընկերուհիները։
Ժողովի աւարտին գործադրուեցաւ կարճ յայտագիր մը. Սեւան ՀաճեանՄէթլեան (Այնճարէն) երգեց Մայրիկ եւ Կռունկ երգերը. առաջինը նուիրեց վաստակաւոր ԼՕԽականներուն, իսկ երկրորդը՝ ԼՕԽի առաքելութեան, որ կը տարուի սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ։ Ապա խօսք առաւ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեան. ան շեշտը դրաւ ԼՕԽի նպատակին կարեւորութեան վրայ՝ դրուատելով իւրաքանչիւր կամաւոր աշխատող։ Ան փափաք յայտնեց, որ ներկաներէն երէց ընկերուհի մը իր յուշերը պատմէ։ Ալիս Յովնանեան խօսք առնելով՝ պատմեց, թէ ինք Հալէպէն փոխադրուելով Զահլէ, նուիրուեցաւ այս կազմակերպութեան, այլ ընկերուհիներու հետ միասնաբար, դժուար պայմաններուն մէջ, ընթացիկ գործունէութեան կողքին աշխատանք տարին առաջին կեդրոնը ունենալու։
Յայտագիրի աւարտին Ս. Քէօյլեան յարատեւութիւն մաղթեց Շուշի մասնաճիւղին՝ անոր 70ամեակին առիթով, ըսելով, որ Վարձքդ կատար չի նշանակեր դադրիլ աշխատանքէ, այլ նոր թափով շարունակել սկսուածը։
Ապա յուշանուէրներ յանձնուեցան ԼՕԽի շարքերուն մէջ ներդրում եւ վաստակ ունեցող 51 վաստակաշատ ընկերուհիներու։
