ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը կայացուց իր առաջին ձեռնարկը Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, այլ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներուն, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ միութեան գործին հաւատացողներու։
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնք, որոնք սատար կը հանդիսանան ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ աշխատանքին։
Ապա հնչեց հայկական երաժշտութիւնը եւ ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին իրենց օրը։ Գեղարուեստական բաժինը ստանձնած էր կամաւոր երիտասարդուհի մը։
