Ս. Զատկուան յատուկ պազար

This page is not yet available in this language.

Կիրակի 29 Մարտ 2015-ին առաւօտեան ժամը 9։00-էն սկսեալ ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի ընկերուհիները եւ շրջանի բնակիչները ներկայ էին ԷշրէՖիէի «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած հայկական աւանդական ճաշերու, քաղցրեղէններու եւ Ս. Զատկուան յատուկ ձեռային աշխատանքներուն ցուցադրութիւն-վաճառքին։

Մասնաճիւղի ընկերուհիները հաւատարիմ՝ ԼՕԽ-ականի առաքելութեան միակամ եւ հաւաքական աշխատանքով, ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով եւ նուէրներով մէկ շաբթուան ընթացքին պատրաստեցին պազարի դրուելիք ճաշերն ու ձեռային աշխատանքները։

Ձիթենեաց ճիւղերով զարդարուած էին սեղանները, իսկ սրահի կեդրոնը Զատկուան զարդարանքներով, պահելով Ս. Յարութեան տօնին աւանդութիւնները։

Կէսօրին սպառած ըլլալով պատրաստուած ուտելիքները, մասնաճիւղի ընկերուհիները գոհունակութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն, մոռնալով իրենց աշխատանքին յոգնութիւնը։

Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի մասնաճիւղի կարիքներուն։