Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան ( Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Զատկուան յատուկ ձեռնարկ, Ռաուտայի ակունբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ծնողներու, վարչական ընկերուհիներու եւ 40 փոքրիկներու:
Յայտագիրը սկսաւ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեանի բացման խօսքով: Ան բարի գալուստ եւ զուարճութիւն մաղթեց բոլորին, ապա շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնը:
Փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած ճոխ խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք անոնց բաժնուեցան գունաւոր հաւկիթներ եւ տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ:
Վերջապէս հասաւ ճիրմակ նապաստակը: Ան խաղաց, պարեց, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ բաժնեց Զատկուան յատուկ գունաւոր տուրմէ հաւկիթներ:
Փոքրիկները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան տուն:




