Ս. Զատկուան Աւանդական Պազար

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) Ս. Զատկուան առիթով  աւանդութիւն դարձած ճաշերու եւ անուշեղէններու պազարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի բարեկամներու եւ ընկերուհիներու:

Բացման խօսք առաւ  Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարկօ Կոտալազեան: Ան գնահատեց մասնաճիւղի աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Սեղանները լեցուած էին ընկերուհիներու կողմէ պատրաստուած բազմաթիւ հայկական եւ այլ համադամ ուտելիքներով:

Ձեռնարկը ընթացաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:

Շնորհակալութիւն մասնաճիւղի ընկերուհիներուն եւ բարեկամներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացան ձեռնարկի յաջողութեան: