Կա՞յ արդեօք այնքան հաճելի պահ, երբ մարդ արարածը դուրս կու գայ իր առօրեայէն ու միօրինակութենէն: Ահաւասիկ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու դարմանատան յանձնախումբը, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, ստեղծեցին այդ ուրախ պահը, ընթրիքի հրաւիրելով դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառաող բժիշկներն ու իրենց ընտանիքները:
Արդ, «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին պարզած կաղանդի մթնոլոտն ու ընկերուհիներուն կողմէ բծախնդրութեամբ պատրաստուած եւ սարքուած սեղանները հիացուցին սիրելի բժիշկները:
Անոնք երգեցին ու պարեցին, գէթ պահ մը մոռնալով իրենց հիւանդները: Կաղանդ Պապուկը չմոռցաւ այցելել եւ ուրախացնել ներկաները իր բերած նուէրներով: Բժիշկները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ, մաղթելով 2018-ին նուազ թիւով հիւանդներ ունենալ:











