Փոքրիկներու Յատուկ Ամանորի Ձեռնարկ (2015)

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկը, Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները:

Շուրջ 90 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի երդիկին տակ, անմոռանալի ժամեր անցուցին յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ «Ուրախ Տարեդարձ» խումբին ընկերակցութեամբ:

Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Մանուէլեան, իր բացման խօսքով նախ փոքրիկներուն ծանօթացուց ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի մատուցած ծառայութիւնները ապա անոնց յիշեցուց որ ԼՕԽ-ը յատուկ ձեռնարկներով միշտ կը ձգտի ուրախացնել հայ փոքրիկները որ մեր ազգի ապագան են:

Ձեռնարկի ընթացքին, փոքրիկները խաղացին դաստիարակչական խաղեր, դիմաւորեցին Կաղանդ Պապուկը, որուն ժամանումը մեծ հրճուանք պատճառեց բոլորին: Անոնք Կաղանդ Պապուկին հետ պարեցին հայկական պարեր, երգեցին տօնական երգեր, հիւրասիրուեցան եւ ստացան յատուկ նուէրներու ծրարներ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը տպաւորիչ եւ անմոռանալի յիշատակներ դրոշմեց փոքրիկներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: