Փոքրիկներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Սուրբ Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կացմակերպած փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2017-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան  պատրաստած խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք, անոնց բաժնուեցան գունաւոր հաւկիթներ, եւ տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ:

Հասաւ ճերմակ նապաստակը: Ան խաղաց, պարեց, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ բաժնեց Զատկուան յատուկ տուրմէ հաւկիթներ:

Փոքրիկները ուրախ-զուարթ մեկնեցան տուն: