Բարեկենդան

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) կազմակերպած Բարեկենդանի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 24 փետրուար 2017-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի անդամուհիները եւ  բարեկամուհիներ:

Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:

 Ան  հրաւիրեց մասնաճիւղի անդամուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, որ անդրադարձաւ  բարեկենդանով սկսող Մեծ Պահոց իմաստին ու խորհուրդին: Ան ներկայացուց հին օրերուն մեր հայրենի գաւառներուն մէջ Բարեկենդանի տօներու առնչուած սովորութիւններ, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մէջ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ունկնդրուեցան հայկական երաժշտութիւն երգ ու պարեղանակներ: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտին մէջ ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` յօգուտ միութեան ստանձնած պարտաւորութեան: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: