Բարեկենդան

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Մարաշ) կազմակերպած բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015- ին, առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ «Եասամին» ճաշարանին մէջ։

Ձեռնարկին ներկայ էր Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան եւ մօտ 70 ընկերուհիներ եւ համակիրներ։

Հակառակ անբարենպաստ եղանակին, խանդավառ ընկերուհիներու ազնիւ ներկայութեամբ, ճոխ ու համադամ ճաշատեսակներով, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կայացաւ ձեռնարկը, որուն յատուկ կշիռ մը տուաւ Տիկ. Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը, ան իմաստալից եւ պատշաճ կերպով ներկայացուց Բարեկենդանի տօնը եւ անոր յաջորդող քառասնօրեայ շրջանը՝ Մեծ Պահոց։ «Ճոխ սեղաններուն յաջորդող այս ժամանակաշրջանը պէտք է ըլլայ ինքնամաքրման, աղօթքի եւ ողորմածութեան առիթ, ինչպէս մեր նախահայրերը կը յորդորէին մեզ» ըսաւ ան ։

Հանդիպումը աւարտեցաւ ներկաներուն բարձր տրամադրութեամբ եւ նուէրներով բախտաւորուած ընկերուհիները գոհունակ սրտերով հեռացան ճաշարանէն։