Ուսուցչաց տօն

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը Ուրբաթ, 9 Մարտի 2018-ին կազմակերպած էր ձեռնարկ մը՝ ուսուցչաց տօնին նուիրուած։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Նազելի Աւագեանին, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչին՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանին, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչին, հրաւիրեալներու եւ բարեկամուհիներու։ Ձեռնարկին ներկայ էին ներկայ եւ նախկին ուսուցչուհիներ եւս։

Բացման խօսք կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Սիլվա Ուաննէս, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին մէկ առ մէկ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իր տրամադրած թաղարներուն համար, շրջանի պատկան մարմնին եւ բոլորին  քաջալերանքին եւ զօրակցութեան։ Ապա ան անդրադարձաւ այդ օրուան եւ առիթին՝ ուսուցչաց տօնին, ու խօսեցաւ հայ ուսուցիչին եւ երկրորդ ծնողքին դերին մասին, որմէ ետք հայկական երգերով մթնոլորտը ճոխացուց օրկանիստ Հրակ Քերսոյեան։ Վարչութեան ձեռամբ պատրաստուած պահքի ճաշերէն գտնուեցաւ օրուան բախտաւորը։ Վարչութիւնը  պատուեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող բոլոր ուսուցչուհիները, անոնց յանձնելով յիշատակի նուէրներ։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան շատեր։ Կատարուեցաւ նաեւ մասնաճիւղի տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որմէ բախտաւորուեցաւ ներկայ ընկերուհի մը։

hdr
hdr
dav
dav

Ազգային երգերու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները իրարմէ բաժնուեցան հաճելի յիշատակներով։

dav
dav