Ոսկի Աշուն

This page is not yet available in this language.

Ոսկին աշնան գոյնը չէ միայն. այլ աշնան լոյսը, բարիքները, առատութիւնն ու մանաւանդ տքնաջան աշխատանքի բարի ժպիտը:

Արդ, Երեքշաբթի, 17  Հոկտեմբեր 2017-ին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս կը տիրէր բարձրաճաշակ, գունագեղ, գեղեցիկ ու հաճելի մթնոլորտ մը:

Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, յատուկ ձեռնարկով  մը  կու գար տօնելու «Ոսկի Աշուն»ը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Անի Տիւքէնճեան: Ան հրաւիրեց տիկ. Ազատիկ Հապէշեան Թազեանը, որ Հայաստանի մէջ հմտացած է պտուղներու եւ բանջարեղէններու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ  ճաշասեղաններ  յարդարելու արուեստին մէջ:

Սրահին մէջ յարդարուած էր տօնական սեղան մը, որ ներկաներուն կը փոխանցէր աշնան բոյրն ու գոյնը: Տիկ Ազատիկ, տեղւոյն վրայ հաճելի ոճով  ցուցմունքներ տուաւ յիշեալ արուեստին մասին, իր մատներու հմտութեամբ և բարձր ճաշակով պատրաստեց  յարդարանքներ, որ հիացուց ներկաները:

Ձեռնարկի աւարտին, յանձնախումբի ընկերուհիները ներկաները հիւրասիրեցին   եղանակի պտուղներով եւ իրենց կողմէ պատրաստուած աղցանով և քաղցրեղէնով: 

Թող այս «Ոսկի Աշուն»ը դառնայ բերքի մեծ տօն և հողի հրաշագործութեամբ մեր գիւղը՝ Այնճարը, ըլլայ միշտ կենսունակ և վաղուան յոյսը երբեք չմարի մեր սրտերուն մէջ: