Նոր Տարուայ Ձեռային Աշխատանքներու Դասընթացք (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբը նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին, կազմակերպեց կաղանդի ձեռային աշխատանքներու դասընթացք մը 2 հանգրուաններով: Առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ 25 նոյեմբերին իսկ 2-րդը 9 դեկտեմբերին՝ դասատու ունենալով Ընկհ. Մարալ Թնքըրեանը:

  Դասաընթացքին մասնակցեցան 8 ընկերուհիներ  որոնք ջերմ եւ ամանօրեայ մթնոլորտի մը մէջ սորվեցան մոմ շինել եւ յարդարել, ինչպէս նաեւ ամաններ եւ գաւաթներ զարդարել:

  Դասընթասքի աւարտին տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն: