Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա) Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ  Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2018-ին, շրջանի ակումբէն ներս:

Ձեռնարկը կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել: Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվի Առաքելեան:

Ձեռնարկը ընթացաւ երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Զգալի էր բոլորին ուրախութիւնը, մանաւանդ Կաղանդ Պապուկին եւ Խամաճիկին ներկայութեամբ: Այն ծերունիները, որոնք անկարող էին ակումբ ներկայանալու, անոնք այցելեցին անոնց բնակարանները եւ իրենց ձեռամբ յանձնեցին անոնց բաժին ինկած ճաշը:

Ծերունիները բաժնուեցան բարձր տրամադրութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնելով: