ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա)Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել, ժպիտ մը սերմանելով անոնց դէմքերուն:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, շրջանի ակումբէն ներս, ներկայութեամբ ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի վարչութեան, օժանդակ յանձնախումբին եւ շրջանէն ծերունիներու:
Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր շրջանէն բարերարուհի մը, իր ծնողներուն յիշատակին:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարուհիին եւ բոլոր այն ընկերուհիներուն, որոնք զանազան ձեւերով մասնակից դարձած էին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
Ձեռնարկը ընթացաւ երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Զգալի էր բոլորին ուրախութիւնը, մանաւանդ նապաստակի, խամաճիկի կերպարներուն, ինչպէս նաեւ կաղանդ պապուկին եւ իր թզուկին ներկայութեամբ: Ներկաները միասնաբար հատեցին կարկանդակը եւ նուէրներ ստացան կաղանդ պապուկէն: Այն ծերունիները, որոնք անկարող էին ակումբ ներկայանալու, նապաստակն ու խամաճիկը ուղղուեցան անոնց բնակարանները եւ իրենց ձեռամբ յանձնեցին, անոնց բաժին ինկած նուէրներն ու ճաշը:
Ծերունիները բաժնուեցան բարձր տրամադրութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնելով ու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի բաեմաղթութիւններ փոխանցելով:









