Նախաճաշ - ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ13-նոյեմբեր 2014-ին,առաւօտեան ժամը 10:30 ին, «խան Էլ Ուարտ» ճաշարանին մէջ Զալքա:                

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն վերջ Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ընկերուհիին,ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն,մասնաճիւղի անդամուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն: Ապա հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի մարդասիրական ծաւալուն գործունէութիւնը բոլոր բնագաւառներու մէջ:Իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց օրուայ դասախօսուհի ՝Մարլէն Տանակէօզեանը, որ ներկայացուց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանշանը՝«Անմոռուկ ծաղիկը» հետեւեալ ձեւով.

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանշանը՝«անմոռուկ ծաղիկն» է, ըսաւ ան,որ կը նշանակէ ՅԻՇԻՐ: «Անմոռուկը »միջնադարուն կը համարուէր Աստծոյ ներկայութեան խորհրդանշանը, հնգաթերթ «անմոռուկ ծաղիկի» պսակաթերթիկները կը խորհրդանշեն հինգ մայր ցամաքները ուր կայք հաստատած են ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայորդիներ, զրկուելով հայրենիքէն: Ծաղիկը ունի չորս հիմնական գունային բաղադրիչներ: Մանիշակագոյն,բաց մանիշակագոյն, դեղին եւ սեւ:

Իւրաքանչիւրը իր մէջ կը կրէ որոշակի իմաստ,սեւ գոյնը կը խորհրդանշէ եղեռնի սարսափները եւ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը: Ճառագայթաձեւ բաց մանիշակագոյնը՝ հայութիւնը իր հոգեհարազատ նոյն գաղափարին համամասնակից ըլլալն է: Մանիշակագոյնը՝որպէս հայկական ինքնագիտակցութեան հիմք հանդիսացող ,Հայոց Եկեղեցւոյ սպասաւորներու հանդերձանքի գոյն իսկ դեղին գոյնը պատկերուած է ՝ որպէս ապրելու, արարելու, յոյս պարգեւող արեւի լոյս եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը խորհրդանշող , շրջանաձեւ դասաւորուած 12 սիւներու տեսք:

Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան «Անմոռուկ » ծաղիկի բացատրութեան որմէ ետք Գէորգ Պաղտասարեան եւ Մհեր Չաբարեան հայկական երգերով ոգեւորեցին ներկաները :