Նախաճաշ - դասախօսութիւն (ԼՕԽի «Անահիտ» մասնաճիւղ)

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Մարեուսեֆի ակումբի «Սարգիս Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ 55 ներկաներու։

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Աստղիկ Կիտիկեան կարդաց բացման խօսքը:

Օրուայ դասախօսուհին էր բժշկուհի ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նախ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ կոչ ուղղեց անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերը, ապա մանրամասնօրէն խօսեցաւ կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու տեսակներուն եւ կարեւորութեան մասին։ Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք հարցումներ ուղղեցին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն, բախտաւորները ստացան համապատասխան նուէրներ տրամադրուած հայ վաճարատուներու կողմէ: