Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի Տոհմիկ Երեկոյ

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի տօնակատարութիւններէն՝ «Տոհմիկ Երեկոյ»ն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Աւետիս Կիտանեան,  «جمعية انماء عنجر»  -ի տնօրէն՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ու  մասնաճիւղերէ անդամներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը  արտասանեց ընկհ. Ռոզիկ Պագալեան, որ ըսաւ. «Այն համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը որ մեր պապերը ցոյց տուին հայոց պատմութեան ամէնէն ողբերգական մէկ պահուն Մուսա Լերան Քառասուն օրերու սխրագործութեամբ, պարզապէս հպարտութեան առիթ չէ մեզի համար, այլ կոչ՝ ազգային ու մարդկային այն բարձր մակարդակը, որ արեան գնով նուաճուեցաւ լերան գագաթին՝ պահելու պահպանելու եւ բծախնդրութեամբ փոխանցելու նորահաս սերունդներուն»: Ան աւելցուց. «Մասունքի պէս պահենք այն ինչ որ ստացած ենք մեր պապերէն»:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Պրն. Յակոբ Այնթապլեանը, որ մթնոլորտը մեծ խանդավառութեան մէջ պահեց:

Տիկ. Քնար Գամպէրեան ասմունքեց Յակոբ Մախուլեանի «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ե'տ գայ թշնամին» բանաստեղծութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեանը, որ անդրադարձաւ կնոջ կարեւորութեան մեր կեանքին մէջ, նկատի ունենալով, որ ԼՕԽ-ը իր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ  յանձնախումբերուն ընդմէջէն ժողովուրդին օգտակար կը հանդիսանայ մայրութիւն ընելով հասարակութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունեցող ընտանիքներուն:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան գիւղիս տաղանդաւոր երիտասարդները:

Ընկերակցութեամբ Համբիկ Յովսէփեանի, Մարիա Աբէլեան  եւ Նազանի Ադամեան յաջորդաբար ներկայացուցին «Սարերի քամին» եւ «Զինուորի երգը» երգերը, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեամբ Սեւատա Անտոնեանի, Նարոյ Ադամեան՝ «Արտագաղթ» երգը:

Ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը, պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:

Լարա Գարակէօզեան եւ Մարիա Աբէլեան, Մուսա Լերան բարբառով ներկայացուցին «Հայր իմ ըզգի ուզիցա, վիտտըդ փիփակ ըր...», իսկ փոքրիկն  Աշոտ Գարագաշեան «Արի Հէյ Ամուղլայ» երգերը:

Ապա Լոռի, Արփա եւ Յասմիկ Այնթապլեաններ ելոյթ ունեցան նուագով:

Ելոյթ ունեցան նաեւ աշուղական երգերու մեկնաբան՝ Գարմէն Աճէմեան, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբան՝ հայրենի երգիչ՝ Սեւակ Ամրոյեան:

Հայրենասիրական երգերով մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացուց  Զարեհ Քէնտիրճեանը:

Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ, անուշեղէններ եւ խորհրդանշական վիճակահանութիւններ:

Երեկոն շարունակուեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ  պարերով, խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին: