ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբը 2001 թուականին ձեռնարկած էր Միութենական Փոքրիկ բառարանի մը պատրաստութեան ,որովհետեւ յաճախ միութենական բառամթերքը ճշգրտօրէն չ’օգտագործուիր:
Բառարանին մէջ տեղ գտած են ժողովներու ընթացքին գործածուող բառեր իրենց համապատասխան բացատրութիւններով:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց, ԼՕԽ-ի դիմատետրով , շաբաթական դրութեամբ, հերթաբար ներկայացնել բառարանին բովանդակութենէն բառեր:
Յոյսով ենք որ սոյն բառարանը օգտակար կը հանդիսանայ բոլորիս , մեր առօրեայ խօսակցութեան եւ յատկապէս միութենական գործունէութեան ընթացքին:










