Միջինքի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս կազմակերպեց «Միջինքի Ձեռնարկ» մը, ուր ներկայ եղան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ տեղացի հիւրեր:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լուսին Պէզճեան, իսկ արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ընկհ. Սիլվա Համբարձումեան:

Մարտ 8-ը կը զուգադիպէր Կանանց Միջազգային Օրուան: Այս առիթով ընկհ. Դալար Տօնապետեան ընթերցեց յօդուած մը՝ կիներու իրաւունքներուն, հաւասարութեան եւ արդարութեան մասին: Ձեռնարկի ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ 14 ամեայ Մարիա Քաֆրունին (Ուրֆայէն հայ վերապրողի մը ծոռը), որ ջութակի վրայ նուագեց «Սարերի Հովին Մեռնեմ» եւ «Նասսըմ Ալէյնա Ալհաուա» եղանակները: Ընկհ. Բէքա Երջանեան 10 հանելուկ-հարցումներ հարցուց ներկաներուն, որոնց ճիշդ պատասխանողը ստացաւ նուէր մը: Նուէրներ ստացան նաեւ օրուան երկու բախտաւորները:

Վարչական ընկերուհիներուն ձեռամբ պատրաստուած էր օրուան հիւրասիրութիւնը՝ Պահքի ճաշեր եւ սրահը զարդարուած էր գոյնզգոյն ծաղիկներով, որոնք արժանացան ներկաներուն գնահատանքին: Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ: Բոլոր ներկաները ուրախ եւ գոհունակ մեկնեցան, իրենց հետ տանելով միջինքի գեղեցիկ յիշատակներ: