Միջինքի Հաւաքոյթ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» (Ճիպէյլ) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ճիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջինքի հաւաքոյթ» ձեռնարկը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Ճուպանեանի, ԼՕԽականներու, ԼՕԽ-ի բարեկամներու եւ հրաւիրեալներու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պեզճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն իրենց քաջալերանքին եւ մասնաճիւղին հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան:

Ներկաները համտեսեցին վարչութեան պատրաստած համադամ ճաշերը: Յատկանշական էին ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած ճաշասեղաններուն յարդարանքները:

Հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահին մէջ, որմէ խանդավառուած ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները: