Միջինքի Հաւաքոյթ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան (Զահլէ), Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին կէսօրուան ժամը 12։00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Միջինքի հաւաքոյթը, «Թիլալ» ճաշարանին մէջ։

Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Մարկօ Բարսեղեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեանին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ներկաներուն։

Ընկհ. Բարսեղեան շնորհաւորեց ներկաները «Միջազգային Կանանց Օր»ուան առիթով, յիշեց «ուսուցչաց տօն»-ը, ինչպէս նաեւ տեղացիներու մայրերու տօնը՝ Մարտ ամսուան մէջ։

Ան անդրադարձաւ ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ըսելով «պէտք չէ մոռնանք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն թափած արիւնը եւ կը պահանջենք, որ ամբողջ աշխարհը ճանչնայ եւ ընդունի հայոց ցեղասպանութիւնը»։

Ձեռնարկը ճոխացուց սաքսիՖոնիսթ՝ Գօգօն իր մեղմ եւ անոյշ երաժշտութեամբ։

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ այս առիթով, մասնաճիւղին եղան նուիրատուութիւններ: