«Միջինք»

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տիգուէյնի) կազմակերպած «Միջինք»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Այտա Խուստէքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր խօսքը:

Ընկհ. Ճինպաշեան նախ խօսեցաւ «Միջինք»-ի աւանդութեան մասին ըսելով, որ այդ սովորութիւնը եկած է Կիլիկեցի հայերէն, ապա անդրադարձաւ իսլամացած, իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերու մասին: Ան թելադրեց ներկաներուն ճիշդ հայերէն խօսիլ, պահպանել հայկական սովորութիւններն ու մշակոյթը եւ խօսքը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով՝

Թող ձեր սիրտ ու հոգին
Մեղր ու կաթ ծորեն,
Միշտ լոյս ցանկանաս
Հանուր ընդհանուր,
Ամէնքի համար եւ ամէնքի հետ:
Սողոմոն Տարօնցի
Պահպանեցէք միշտ հայերէնը մեր,
Որ յար յաւիտեան մնանք աշխարհում:
Գեղամ Սարեան

Տեղի ունեցան հայկական աւանդական «Միջինք»ի ուտելիքներու հիւրասիրութիւն, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն: Ներկաները գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան: