Մեծ Պահքի առիթով  ընկերային հանդիպում

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի  ՝՝Արազ՝՝ մասնաճիւղի (Պաուշրիէ) վարչութեան կազմակերպած Մեծ Պահքի  առթիւ ընկերային հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի , 25 փետրուար  2016-ին, առաւօտեան ժամը 11- ին,՝՝Սօսի Մարտիկեան՝՝ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի՝ Ազատուհի Սարգիսեանի եւ շուրջ քառասուն ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Մեծ Պահքի ծոմապահութեան շրջանին՝ որու ընթացքին հայ ժողովուրդը ոչ միայն կը զրկուի մսեղէններէ, ճարպերէ, կաթնեղէններէ եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններէ, այլ կը գիտակցի թէ՝ այդ շրջանը հրաւէր ու մղում է նաեւ  բարի գործեր կատարելու, ողորմութիւն  ընելու եւ օգնելու կարիքաւորին տարեցին ու անտէրին, ապա շեշտը դրաւ, ԼՕԽ-ի մատուցած բոլոր ծառայութիւններուն, որոնք Աստուածահաճոյ գործեր են  :

Բացման խօսքէն վերջ վարչութեան ժրաջան ընկերուհիները հրամցուցին  իրենց պատրաստած բազմատեսակ Պահքի ճաշերը ու հրապուրիչ ձեւով ներկայացուցին ներկաներուն:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

 Աւարտին ներկաները գնահատական ու քաջալերական խօսքերով  մեկնեցան սրահէն, յաջողութիւն  մաղթելով  մասնաճիւղի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: