Մայրերու Օրուան Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» (Ֆանար) մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Ֆանարի «Էտկար Ակնունի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մայրերու Օր»ուան առիթով ձեռնարկ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի:

Մուտքին իւրաքանչիւրը ստացաւ կարմիր վարդ մը:

Ձեռնարկի բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Պէօյիւքեանը, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլոր մայրերը իրենց տօնին առիթով:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան տիկին Սալբի Քէօշկէրեան (քանոն), իսկ օրուան մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ Յովիկ Քէօշկերեան:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն: