Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի "Հայաշէն" մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2018-ին, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ`ընկհ. Մարկօ Կոտալազեանի, օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանի, ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, թաղեցիներու, եւ ԼՕխ-ական ընհերուհիներու։ Ներկայ էր նաեւ օրուան պատուոյ հիւրը՝ տիկ. Մակի Պարտագճեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ.Շաքէ Պաղտասարեանը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ. Մակի Պարտագճեանին, որ ներկայ էր իբր պատուոյ հիւր, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Զէյթունեանին, իր կողմէ կատարած նիւթական յատկացումին համար։ Ապա ընկերուհին, մայրերու օրուան խորհուրդը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով.-«Ամբողջ տարի մը անհամբեր կը սպասենք այս ամսուան, որ նշենք մեր ամէնէն շատ սիրած էակին` մայրերուն տօնը: Իրականութեան մէջ, մեզի համար ամէն օր մայրերու օր է, որովհետեւ ամէն օր կը սիրենք եւ կը գուրգուրանք մեր մայրերուն.....
Հայ մօր ունեցած դերակատարութիւնը իր զաւակներուն եւ ամուսնոյն հանդէպ կը զատորոշուի միւս մայրերէն, որովհետեւ անոնք իբր պատգամ մեզի կը փոխանցեն միշտ հաւատարիմ մնալ մեր եկեղեցիին, դպրոցին, մշակոյթին եւ միութիւններուն: Մենք պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին նկատմամբ..... Հայ մօր հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը պէտք է սեպել իբր Հայ գոյատեւելը... Գնահատելի են այն մայրերը, որոնք անվերապահ կ'աշխատին մեր ազգային արժէքները պահելու եւ պահպանելու: Մենք կը հաւատանք, որ Հայ մայրը հզօր է եւ անսասան, պիտի պահպանէ իր ընտանիքը բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց : Ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով.- «Հայ մայրերը միշտ գերադաս պիտի մնան, որովհետեւ ունին` ընտանեկան սրբութիւն, պատուախնդրութիւն, հայրենասիրութիւն, հեզութիւն, բարութիւն եւ ծով սէր.:
Ապա ընկհ. ատենապետուհին հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին՝ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որպէսզի ներկայացնէ "Առողջ ընտանիքի հիմքը, մօր դերակատարութիւնն է" նիւթը:
Տոքթ. Վարդապետեան, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան զինք հրաւիրելնուն համար, ապա անդրադարձաւ խաչուհիի պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն իր կազմակերպութեան` ԼՕԽ-ին, Հայ մօր կարեւոր եւ ծանր պարտականութեան` հանդէպ իր ընտանիքին եւ ազգին, որովհետեւ այսօրուան մայրերէն կախում ունի թէ վաղը ինչ տեսակի անհատներէ կազմուած պիտի ըլլայ մեր ժողովուրրդը։ Դասախօսուհին մի քանի բաժիններու բաժնեց իր փոխանցելիք միտքերը.-
ա-Ուրկէ եկած է «Մայրերու Օր» տօնին միտքը.
բ- Ով է մայրը.
գ֊-Հայ մօր դերակատարութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ.
դ֊-Ինչքանով ճիշդ է ծնողքի մը կենդանի օրինակ ըլլալու իրականութիւնը իր զաւակներուն համար.
ե-Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգները։
Շնորհաւորելով բոլոր մայրերը եւ մեծ մայրերը, անոնց մաղթեց առողջութիւն եւ երկար կեանք: Ան եզրափակեց խօսքը խնդրելով, որ մայրերը երբէք չանտեսեն իրենց անձը ի շահ ընտանիքին եւ զաւակներուն, որովհետեւ անհատի մը հոգեկան եւ մարմնական առողջութիւնը, առողջ կը պահէ ընտանիքը։
Վարչական ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած ճաշերը եւ քաղցրեղէնը հրամցուելէն ետք, ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան մայրերու նուիրուած երգ մը նուիրեց ներկաներուն։
Ընկերային ջերմ մթնոլորտի կողքին, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ինչպէս նաեւ օրուան բախտաւորի ընտրութիւն` վիճակաձգութեամբ: Ընկհ. Սեդա Մարզումանեան շահեցաւ յատուկ ոսկեղէն նուէր մը, որ տրամադրուած էր պարոն Զէյթունեանի կողմէ ։
Ընկերուհի ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուութիւն կատարողներուն եւ նուիրատու հաստատութիւններուն, իրենց տրամադրած նուէրներուն համար։
Բոլորը մեծապէս գնահատելով ձեռնարկը, ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն։







