«Մայրերու Օր»ուան Նուիրուած Ձեռարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ռաուտա) Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, «Ռաուտա»յի հանդիսասրահին մէջ տօնեց «Մայրերու Օր»ը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան, բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեանին, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն: Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, որ մարդկային ազնուագոյն յատկութիւնները բովանդակող գանձարանն է մայրը: Այդ գանձարանէն է, որ կը ստանանք մայրական օրհնութիւն, որուն այնքան կարիքը ունինք բոլորս, որովհետեւ առանց այդ երկրաւոր օրհնութեան, երբեք արժանի չենք ըլլար երկնաւոր օրհնութեան, որ կը շնորհէ մեզի մայրերու թագուհին՝ Աստուածամայրը:

Ապա, ան հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանը, որ փոխանցէ օրուան խորհուրդը: Ան ըսաւ, որ հայ կինը հայ մայրն է, հայ ազգի գոյատեւման իսկական ազդակը: Մօր դերը հայ ընտանիքի կեանքին մէջ, ինչպէս հեթանոսական շրջանին, նոյնքան տիրական է այսօր: Հայ մայրը կը յատկանշուի իր անշահախնդիր սիրով ընտանիքին, հարազատներուն եւ ազգին հանդէպ: Դարերու արհաւիրքներուն ընդմէջէն, հայ ժողովուրդը որպէս ազգ գոյատեւեց իր ամրակուռ հայ ընտանիքին միջոցաւ: Այս ամուր ընտանեկան կառոյցն է  հայ ազգի գոյատեւման գրաւականը, եւ անոր միակ ու գլխաւոր առանցքն է հայ մայրը:

Վարչութեան ատենապետուհին հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Համբարձման տօնին, ապա ներկաներուն բաժնուեցան Համբարձման գեղեցիկ գրութիւններ, եւ օրուան բախտաւոր մայրը ստացաւ նուէր մը:

Ներկաները խանդավառուեցան Գէորգ Պաղտասարեանի մատուցած ժողովրդային երգերով: Անոնք մեկնեցան գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ: