Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:
Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:
«Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը 15 մայիսին յատուկ շուքով ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեց մայրերու օրը «Քարաքաթ Հաժ» ճաշասրահին մէջ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք (որ կը նուագուէր երգեհոնի վրայ Շանթ Տիշչէքէնեանի կողմէ), հանդիսութեան բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մայրերուն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեանին եւ քոյր մասնաճիւղերէ եկած ընկերուհիներուն: Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` ան ըսաւ, որ հայ մայրը անզուգական արժէք է. «Մայրը այն անձն է, որ կրնայ ուրիշներ փոխարինել, բայց ոչ ոք կրնայ զինք փոխարինել»:
Անկէ ետք Շանթ Տիշչէքէնեան փունջ մը հայկական նուագներ հրամցուց` ճոխացնելով մթնոլորտը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը Մէյրի Արեւեանը: Խօսքը ուղղելով ներկաներուն ան ըսաւ: «Կ՛ուզեմ յարգանքի տուրքս տալ հայ մօր, որ մեզ սիրեց անսակարկօրէն եւ ինքզին ընծայաբերեց ազգին ու հայրենիքին»: Շարունակելով իր խօսքը, Արեւեան ըսաւ, թէ հայ ազգի պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայ կինն է, որ ստանձնած է դաստիարակի դերը` պահպանելով հայ ընտանիքը օտար ազդեցութիւններէ` միշտ յարգուելով ու արժեւորուելով: Իր խօսքի աւարտին Մէյրի Արեւեան ըսաւ. «Փափաքս է, որ հայ մայրը վերանորոգէ իր ուխտը աւելի եւ աւելի նուիրուելու իր ընտանիքին, ազգին եւ հայրենիքին: Կը շնորհաւորեմ բոլոր մայրերը այս առիթով մաղթելով բոլորիդ համբերութիւն, առողջութիւն, երկար եւ երջանիկ կեանք»:
Որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ երգչուհի Յասմիկ Պէրթիզլեան, որ ներկայացուց փունջ մը հայկական երգեր:
Ապա Ազնիւ Թորոսեան խոր ապրումով ասմունքեց Հենրիկ Թումանեանի «Մայրը» եւ Շուշանիկ Կուրղինեանի «Այդ մենք ենք գալիս» կտորները:
Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը, որմէ ետք բաժնուեցան վիճակահանութեան տոմսեր, ներկաներէն շատեր բախտաւորուեցան նուէրներով:
Հայ մայրերը մեկնեցան գոհունակ, որովհետեւ գնահատուած էին ըստ արժանւոյն:

