«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

This page is not yet available in this language.

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

«Արագած» Մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արագած» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 23  մայիս 2014-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան եւ Համբարձման նուիրուած ձեռնարկ մը Արագածի շրջանի ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Խաչ-ուհիներու եւ բարեկամներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Մելինէ Մարգարեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մայիս ամսուան յիշատակելի ձեռնարկներուն-տօներուն, ինչպէս` մայրերու օր, Համբարձում, Հայաստանի անկախութիւն` մայիս 28: Ապա բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքէն ետք հրաւիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տաճատ աբեղայ Աշըգեանը, որպէսզի փոխանցէ Համբարձման տօնին խորհուրդը:

Հայ սուրբը նախ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ հայ կնոջ եւ մօր դերակատարութեան ու զոհողութեան, զոր կը ցուցաբերէ իր ընտանիքին հանդէպ, ապա քրիստոնէութեան վրայ հիմնուած հայ ժողովուրդի դաստիարակութեան, Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն եւ խաչելութենէ քառասուն օր ետք անոր երեւման ու համբարձման:

Օրուան պատգամէն ետք մթնոլորտը ճոխացուց Գէորգ Պաղտասարեան` հայկական պարեղանակներով:

Յայտագրի ընթացքին Համբարձման տօնի վիճակի խօսքերը բաժին ինկան բոլորին: Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները:

Մայիսեան երեք տօներու աւանդական օր մը համարուող «Արագած» մասնաճիւղի ձեռնարկը պսակուեցաւ յաջողութեամբ: