«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

This page is not yet available in this language.

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

«Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր մայրերու օրուան ձեռնարկը 20 մայիսին, «Նագուզի» ճաշարանին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ փոխանցեց, թէ ամէնօրեայ դժուարութիւններու կողքին հարկ է անպայման նշել աշխարհի ամենագեղեցիկ տօնը, որ կը զուգադիպի մայիս ամսուն, որ վարդերու ամիս է, նաեւ մայիսը բնութեան գեղեցկագոյն հանգրուանն է, որ նուիրուած է թանկագին անձի` մօր:

Ան յատուկ կերպով շնորհաւորեց հայ մօր տօնը խոնարհելով անոր տարած զոհաբերութեան առջեւ` համբուրելով անոնց ձեռքերը:

Ձեռնարկին ներկայ երէց մայրերէն Վերթահիմ Աւագեան ասմունքեց եւ սաղմոս արտասանեց, նաեւ ջերմօրէն շնորհաւորեց նուիրեալ հայ մայրերուն տօնը:

Մասնաճիւղի ձեռնարկին ճաշերու պատրաստութիւնը ստանձնած էր ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը: