«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

This page is not yet available in this language.

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

«Ռուբինա» Մասնաճիւղ»

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Նահր Քելպի «Նահըր Ասրար» ճաշարանին մէջ տօնեց մայրերու օրը, ներկայութեամբ խաչուհիներու եւ բարեկամներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան, որ ներկաներուն բացատրեց մայրերու օրուան եւ Համբարձման տօներուն իմաստը: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին, որոնք կը քաջալերեն մասնաճիւղի ծրագիրները` ի խնդիր միութեան բարգաւաճման եւ գոյատեւման: Ապա վարչականները հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին` երգ, շուրջպար, զուարճալի պահեր անցուցին բոլորը:

Եղան նուիրատուութիւններ, նաեւ` վիճակահանութիւնը: