Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:
Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:
«Անահիտ» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ 20 մայիս 2014-ին Մար Եուսեֆի ակումբին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան, կարդալով նամակ մը ուղղուած մայրերու:
Ձեռնարկը խանդավառեց Սեւան Ադամեան` ընկերակցութեամբ Գէորգ Պաղտասարեանի: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուէրներու բաշխում. բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ եւ Արամ Ա. վեհափառ հօր յայտարարած հայ մօր տարուան առիթով հրատարակուած եւ մօր նուիրուած գիրքեր:










