Մայրերու Օր եւ Համբարձում

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ՝ Տքուէնի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի,10 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուան եւ Համբարձման զոյգ տօներուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա խուստեքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց  փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը , Հայկական աւանդութիւններու պահպանումը , ինչպէս նաեւ Հայ Մօր դերակատարութիւնը:

Տեղի ունեցաւ Համբարձման աւանդական վիճակաձգութիւնը: Ներկաները  կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւներ: