Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ( Ժպէյլ ), 9 Մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը , Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
Մուտքին ներկաները ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկերուհի Լուսին Պէզճեանը, շնորհաւորելով հայ մայրերը , բոլորին մաղթեց ուժ, կորով ու առողջութիւն:
Ապա խօսք առաւ ընկերուհի Տօքթ. Սիրուն Վարդապետեան , որ գնահատելով հեռակայ այդ շրջանին մէջ ներկաներուն համախմբումը, մեծագոյն փաստը համարեց ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն հանդէպ անոնց ունեցած հաւատքին:
Ան շնորհաւորեց մեծ մայրերն ու մայրերը, յուսալով , որ գալիք սերունդներ անոնց ուղիով կատարեն հայապահպանման իրենց մայրական պարտականութիւնը:
Որմէ ետք բժշկուհին խօսեցաւ բոլոր այն հիւանդութիւններուն մասին , որոնք առնչուած են նիւթափոխանակութեան խանգարումներուն հետ: Անդրադառնալով կենսանիւթերու ( վիթամիններու) եւ հանքային աղերու կարեւորութեան, առանձին առանձին խօսեցաւ անոնց տեսակներուն ( A.B.E.D.K.C ) մարմին մուտք գործելու, իւրացման եւ քայքայման պրոսեսներուն մասին, ինչպէս նաեւ վիթամիններու անբաւարարութեան եւ կենսանիւթ պարունակող դեղահատերու սխալ գործածութեան մասին:
Պատասխանեց նաեւ ներկաներուն հարցումներուն:
Որմէ ետք ընկերուհի Դալար Տօնապետեան ընթերցեց Յովհաննէս Շիրազէն բանաստեղծութիւններ, նուիրուած հայ մօր :
Իսկ երէց ընկերուհի Երանուհի Մանուշեան երգեց « Համբարձում Եայլայ ..... Եայլայ ջան Եայլայ » երգը եւ կատարուեցաւ աւանդական Համբարձման քառեակներու վիճակաբաշխումը ներկաներուն:
Օրուայ կարկանդակը , որ պատրաստուած էր վարչական ընկերուհիի մը կողմէ, հատեց Վեթերան ընկերուհի Կուրճի Թոփալեանը:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն:
Ուրախ էին ներկաները...............................
Գոհ էին վարչական ընկերուհիները................
Վարձքը կատար բոլորին:












